2012-01-20 12:40:12

Գոյժ` Սարգիս Մուրատեանին


Ցաւով իմացանք թէ՝ գերապայծառ Միքայէլ եպս. Մուրատեանին հայրը՝ Սարգիս Մուրատեան, ծնեալ՝ 1927-ին, իր մահկանացուն կնքեց երեքշաբթի, 17 յունուարին։
Թաղման արարողութիւնն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին շաբաթ 21 յունուար 2012-ին, Լիոնի մէջ (ֆրանսա)։
Իսկ կիրակի, 22 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պէյրութի «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ, (Աշրաֆիէ) գեր. Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարէ հանգուցեալ Սարգիս Մուրատեանի հոգւոյն համար, որմէ ետք անոր ընտանեկան պարագանները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին դահլիճին մէջ։

Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Արհի. Միքայէլ եպս. Մուրատեանին իր հօր մահուան առթիւ ու նաեւ՝ ողբացեալի ընտանեկան պարագաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.